2016-02-03 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Վլասի տօնը` ''Հայաստանի նահատակը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 3 Փետրուար 2016-ին, Սուրբ Վլաս Հայրապետի տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց Հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցութեամբ իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն։

Ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած խորհրդածութեան աւարտին  Նորին Սրբութիւնը, աւանդութեան համաձայն, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն,  հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։

''Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Վլասի տօնը, Հայաստանի նահատակ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ ''Վլաս եպիսկոպոսը մեզի կը յիշեցնէ Աւետարանը հռչակելու յանձնառումը նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ''։

Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ. ''Սիրելի երիտասարդներ, եղէք ձեր հաւատքին արի վկաները'', մինչ հիւանդները խրախուսեց  իրենց ''առօրեայ խաչը նուիրելու Քրիստոսի լոյսէն  հեռու գտնուող անձերու դարձին համար'' հուսկ նորապսակները հրաւիրեց ըլլալու Քրիստոսի սիրոյ հռչակողները` սկսեալ  ընտանեկան յարկէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.